2014-02-15 12:46:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց` Յոյն - Մելքիդներու Պատրիարքը եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը։


Շաբաթ, 15 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը Տիար Նիքոս Անասդազիատէսը, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։
Կիպրոսի նախագահի այս այցելութիւնը կը զուգադիպի Կիպրոսի մէջ կայացած հաշտութեան ջանքերու գծով երկխօսութեան ընդմէջ կղզիի Յոյն եւ Թուրք կողմերու։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Կիպրոսի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղար գերապայծառ Փարոլինի եւ արտգործ նախարար` գերապայծառ Մամպերթիի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին շօշափուած նիւթերու շարքին էին` երկու պետութիւններու միջեւ բարելաւ յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ընկերութեան մէջ կրօնի դրական նպաստը եւ կրօնի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը։ Խօսակցութեան նիւթ եղաւ նաեւ քաղաքական երկխօսութեան գոծընթացը ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապային իրավիճակը ու այդ շրջանի բնակչութեան ապրած իրողութիւնը։ Այս առընչութեամբ յոյս յայտնուեցաւ որ Քրիստոնեաները կարենան շարունակել ապրիլ իրենց երկիրներուն մէջ ու շարունակեն նպաստել երկրի ու շրջանի բարգաւաճումին։
Նորին Սրբութիւնը ապա յաջորդաբար ընդունեց Յոյն – Մելքիդներու Պատրիարքը, Գրիգոր Գ Լահհամը, Պրազիլի Սաօ Փաոլոյի Արքեպիսկոպոսը` Կարտինալ Փետրօ Շերէր եւ Հռոմի Սուրբ Պօղոսի պազիլիքայի վաստակաւոր առաջնորդ` Կարտինալ Անտրէա Գորտէրօ Լանծա Տի Մոնթէծեմոլօ։ Ան ապա յետ միջօրէին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ, ընդունեց` Քոլոմպոյի արքեպիսկոպոսը, Կարտինալ Ալպերթ Մալքոլմ Ռանթիդ Բադապէնտիկը Տոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.